ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկարակցութեամբ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Խնամակալութեան Ատենապետ Տիար Պետրոս Շիրինօղլուի, 2 Ապրիլ 2014, Չորեքշաբթի, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Ստանպուլի մեծայարգ Կուսակալ…

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԱԼԷՔՍ ՏԱՂԼԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

Պատրիարաքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 18 Մարտ 2014, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, այցելեց հանգուցեալ պատանի Ալէքս Տաղլեանի ընտանիքը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոնց։ Անցեալ շաբաթ կատարուած յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցած…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Պատրիարքարանի անձնակազմը 31 Դեկտեմբեր 2011, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ համախմբուեցաւ աւանդական Ամանորի անուշապուրի սեղանի շուրջ։ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս իր…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԵՑԱՒ

Ըստ աւանդութեան, Պատրիարքարանի տօնածառը այս տարի եւս զարդարուեցաւ։ Պատրիարքարանի Տիկնանց Կազմի անդամուհիներ, 19 Դեկտեմբեր 2013, Հինգշաբթի, այցելեցին Պատրիարքարան ու զարդարեցին տօնածառը եւ Պատրիարքարանի շքամուտքը։ Յետ միջօրէին, Տիկնանց կազմը եւ Պատրիարքարանի…

ԱՆԳԼԻԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Անգլիահայ 17 հոգինոց ուխտաւորաց խումբ մը, գլխաւորութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեանի, 4 Հոկտեմբեր 2013, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿՐԷՏԷ ԿՂԶԻ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 30 Օգոստոս 2013, Ուրբաթ պիտի մեկնի Կրէտէ Կղզի, հովուական այցելութիւն տալու Իրաքլիոն Քաղաքի մերազն ժողովուրդին ու պիտի հանդիսապետէ Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 15 Սեպտեմբեր 2013, Կիրակի, երեկոյեան օդային ճամբով  մեկնեցաւ Մոսկուա։ Նորին Սրբազնութիւնը, պիտի մասնակցի Մոսկուայի նորակառոյց Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի նաւակատիքի եւ օծման արարողութեանց,…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՏՐԱՊԻԶՈՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 14 Օգոստոս 2013, երեկոյեան օդային ճամբով մեկնեցաւ Տրապիզոն։ Յոյն Եկեղեցին Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը կը կատարէ 15 Օգոստոսին։ Ինչպէս ծանօթ է, երեք…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան 5 Օգոստոս 2013, Երկուշաբթի վերադարձաւ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ 28 Յուլիս 2013, Կիրակի, մեկնած էր  Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին՝ մասնակցելու համար Գերագոյն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 28 Յուլիս 2013, Կիրակի, ուշ երեկոյեան օդային ճամբով  մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, մասնակցելու համար Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովին։…