ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ԱՂՕԹՔԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ

Սիրելի հաւատացեալներ, Ինչպէս միշտ այս Կիրակի եւս պիտի համախմբուինք Աստուծոյ փառքին ընծայուած մեր եկեղեցիներուն մէջ, կատարելու մեր Քրիստոնէական պարտականութիւնը. Աստուծոյ Խօսքը լսելու եւ Քրիստոսի պատուական Մարմնով եւ Արեամբ հաղորդուելու։ Իւրաքանչիւր…

ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆ ՈՒ ՓՐՈՖ. ԹԷՕ ՖԱՆ ԼԻՆՏ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 17 Յունուար 2018, Չորեքշաբթի, առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեանի անուանակից թոռն ու Օքսֆորտի համալսարանէն հայագէտ Փրոֆ. Թէօ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՀԵՌԱՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԷՆ 

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, այս օրերուն կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ, գլխաւորելու համար Գերմանիոյ Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան սկզբնական գործընթացին։ Գերմանիոյ Առաջնորդարանի Դիւանի հաղորդագրութեան համաձայն Ն. Ս. Օ….

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊՈՒԼԿԱՐ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 7 Յունուար 2018, Կիրակի, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցաւ Պուլկար Սվէթի Ստեֆան (Ս. Ստեփանոս) Եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութեան։ Եկեղեցին իր եզական երկաթեայ կառոյցին բերմամբ…

ՊԵՏՐՈՍ ՔԱՀԱՆԱՅԻՆ ԼԱՆՋԱԽԱՉ ԿՐԵԼՈՒ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 5 Յունուար 2018, Ուրբաթ, Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ Ճրագալոյցի արարողութեանց նախագահեց։ Նորին Սրբազնութիւնը, յընթացս Ս. Պատարագի լանջախաչ կրելու արտօնութիւն շնորհեց՝ քահանայից դասու…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 2 Յունուար 2018, Երեքշաբթի, ժամը 13.30-ին, Ամանորի առթիւ Պատրիարքարանին դահլիճին մէջ ընդունեց Պատրիարքարանի անձնակազմը՝ գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի։ Աւանդական Ամանորի հանդիպմամբ…

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Հոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը 31 Դեկտեմբեր 2017. Կիրակի, տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէճքեանի նախագահութեամբ եկեղեցականաց դասը ժամը 15.00ին մուտք գործեց…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԳԵՐՄԱՆԻԱ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 9 Յունուար 2018, Երեքշաբթի, կը մեկնի Գերմանիա, գլխաւորելու համար Գերմանիոյ Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան սկզբնական գործընթացին։ Իր կեցութեան օրերուն Տեղապահ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐԵԼԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առթիւ շնորհաւորութիւնները կ՚ընդունի Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցի. 6 Յունուար 2018, Շաբաթ Համայնքային եւ թաղային մարմինները, դպրաց…

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵՆԷՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Տեսալսողական միջոցներէն եւ մամլոյ հրատարակութիւններէն տեղեկացանք թէ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան 21 Դեկտեմբեր 2017ին Հայաստանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպելով արտայայտուած է Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի ընտրութեան առնչութեամբ։ Այսպէսով…