ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԾԻՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, 15 Ապրիլ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 12.30-ին օդային ճամբով  կը մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, Հայ Եկեղեցւոյ Ծիսական…

ՏՆՕՐՀՆԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, 4 Ապրիլ 2013, Հինգշաբթի, առաւօտ կատարուեցաւ Տնօրհնէքի արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուրդ Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Գերպ. Տ….

ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 1 Ապրիլ 2013, ժամը 15.00-ին , Քրիստոսի Ս. Յարութեան Տաղաւարի առթիւ, այցելեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց, ընկերակցութեամբ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՊԱՊԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 18 Մարտ 2013, Երկուշաբթի, ժամը 12.00-ին Հռոմ կը մեկնի մասնակցելու համար նորընտիր Պապի գահակալութեան հանդիսութեան։ Նորին Սրբազնութեան կ՚ուղեկցի նաեւ Պատկառելի Կրօնական…

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԽՏԱՑԵԱԼ ԲԱԺՆԷՆ ԵԼԱԾ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը, որ անցեալ շաբաթավերջին ջերմութեան բարձրացման եւ արեան ճնշման անակնկալ անկման պատճառներով բժշկական թելադրութեամբ փոխադրուած էր հիւանդանոցի խտացեալ դարմանման բաժինը, 5 Մարտ 2013, Երեքշաբթի վերստին փոխադրուեցաւ…

ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԷՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆ

Վերջերս, Սամաթիա բնակող կարգ մը տարեց հայ կիներ պարբերաբար յարձակումի ենթարկուած էին։  Ոստիկանութիւնը, յետ կատարուած լուրջ քննարկումներու, ֆաթիհ թաղամասի մէջ ձերբակալած էր Մուրատ Նազարեան անուն անձը որպէս յանձագործ։ Այս հարցին…

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ

Մեծ Պահոց Կեսարիոյ եւ Հաթայի աւանդական ուխտագնացութիւնը այս երեկոյ հոգեւորականներու խումբի մեկնումով կը սկսի։ Այս տարի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ  Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ ուխտագնացութեան կը գլխաւորէ՝ Գերշ….

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան 25 Փետրուար 2013, Կիրակի, ուշ երեկոյեան վերադարձաւ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ 17 Փետրուար 2013, Կիրակի, մեկնած էր Մայր Աթոռ  Ս. Էջմիածին՝ մասնակցելու…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 25 Փետրուար 2013, յետ միջօրէին օդանային ճամբով կը մեկնի Անգարա։ Նոյն գիշեր, Վարչապետ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի կողմէ Գերմանիոյ Վարչապետ՝ Անկելինա Մէրքէլի…

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ԴԱՐՄԱՆՈՒԻ ԱԶԳ. ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ԲԱԺՆԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երկար ատենէ ի վեր կը վայելէ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի բժշկական դասուն խնամքը։ Նորին Ամենապատուութեան առողջական վիճակը կը շարունակէր մնալ կայուն ընթացքի մէջ։ Սակայն, անցեալ…