ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Սեպտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, ժամը՝ 11.00ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիգրան Կիւլմէզկիլը։ Սոյն ընդունելութեան ընթացքին Տիար Կիւլմէզկիլ Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց, Ս….

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, 28 Սեպտեմբեր 2020, Երկուշաբթի, ժամը 19.30-ին, Պատրիարքարանի մէջ, Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ժողով մը։ Ժողովի բացման աղօթքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ Ի ՄԱՍԻՆ ՂԱՐԱՊԱՂԻ ՀԱՐՑԻՆ

Իսկապէս ցաւառիթ պարագայ մըն է, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պետութիւնները չեն կարողացած շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր շարունակուող Ղարապաղի հարցը սեղանի վրայ լուծել։ Երկիրներու միջեւ զինեալ բաղխումներն ու պատերազմները կողմերուն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Սեպտեմբեր 2020, Ուրբաթ, ժամը 15.00-ին այցելեց Յունաց Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան՝ Պատրիարքարանի Դիւանապետ՝ Գերպտ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր…

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲՈՂՈՔԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Սեպտեմբեր 2020, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Թուրքիոյ Բողոքականներու Միութեան Վարչութեան անդամներ՝ Պէհնան Քոնութկանը, Վահան Իսաօղլուն, Սօնէր Թուֆանը եւ Վարչութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Ումութ…

ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ «ԵՐԿՈՒ ՈՒԽՏԱՒՈՐ» ՊԱՏՄԱՎԷՊԻ

Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչական Բաժանմունքը վերջերս ի լոյս ընծայեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պատմական վէպը՝ «Երկու ուխտաւոր»ը։ Նոյն առթիւ, 22 Սեպտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուեցաւ գինեձօն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՆԵՐՔԵՒ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉՆԵՐԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՅԱՆՁՆՈՒԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, 18 Սեպտեմբեր 2020, Ուրբաթ, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որով Պատրիարքական Աթոռոյս հովանիին ներքեւ համակարգիչներ յանձնուեցան վարժարաններու ներկայացուցիչներուն։ Հանդիպման ներկայ էին՝…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ «ՄԷՆԹԻ-ՄԷՆԹՕՐ» ԾՐԱԳՐԻ ՄԱՍԻՆ ԺՈՂՈՎ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով, 17 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ժողով մը, որով Պատրիարքական Աթոռոյս «Մէնթի – Մէնթօր» ծրագրի մասին խորհադածութիւններ տեղի ունեցան։…

ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՅԱ ԳԱԼԱՅՃԸԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ

Սկիւտարի Քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, 10 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-ին, Սկիւտարի Նէվմէքան Սահիլի Ցուցահանդէսի սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Գարեգին Քայա Գալայճըի «Մատէնին Իհթիշամը» (Մետաղին Փառքը) խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Բացման հանդիսութեան յանուն Ն.Ա.Տ….

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, ժամը 10.00ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանի եւ ատենապետ՝…