ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան 31 Յուլիս 2018, Երեքշաբթի Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց Կրօնապետներուն ու Համայնքային ներկայացուցիչներուն հետ միասնաբար ստորագրեց համատեղ յայտարարութիւն մը։   Յստակ է, թէ վերջերս կարգ…

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՐԵՏԷ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան վերջերս այցելեց Յունաստան՝ Կրէտէ Կղզի։ Յառաջիկայ տարի պիտի նշուի Հերակլիոնի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ տեղւոյն համայնքը կը…

ՊՕՄՕՆԹԻԻ ՎԵՆԵՏԻԿԵԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Պօմօնթիի Վենետիկեան Մխիթարեան Վարժարանի ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ Մատակարար Մարմնի Ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուրի, 3 Մայիս 2018, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։…

Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ   Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան Տօնին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, իր կողքին ունենալով Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժանմունքի…

ԿՂԶԵԱՑ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՎԱԽՃԱՆԵՑԱՒ

ԿՂԶԵԱՑ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՎԱԽՃԱՆԵՑԱՒ   Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կղզեաց Մետրոպոլիտ եւ սիրուած անձնաւորութիւն՝ Գերշ. Տ. Եաքովոս Արքեպս. Սօֆրօնտիաս յետ կարճատեւ հիւանդութեան վախճանեցաւ։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 31 Մարտ 2018, Շաբաթ,…

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՇՆՈՐԱՀԱՆԴԷՍ

Հայոց Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ, 3 Փետրուար 2018, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին, տեղի ունեցաւ “Christianity Fundamental Teachings” (Հիմնական սկզբունքներ Քրիստոնէական Կրօնի) գիրքին շնորահանդէսը, որ պատմական նշանակութիւն ունի համաքրիստոնէական ծիրէն ներս։ Յիշեալ գիրքը…

“CHRISTIANITY FUNDAMENTAL TEACHINGS” ԳԻՐՔԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ

Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբը, իր վերջին նիստը 29 Յունուար 2018, Երկուշաբթի, ժամը 11.00ին, Պատրիարքարանի մէջ։ Յոյն, Ասորի, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ հիւրընկալուեցան Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ Գերշ….

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբթուան առիթով, 27 Յունուար 2018, Շաբաթ, ժամը 18.00-ին, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք։ Արարողութեան հանդիսապետեց ու քարոզեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ եւ Միջեկեղեցական – Միջկրօնական…

ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առթիւ, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, իր կողքին ունենալով Միջեկեղեցական – Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանն ու Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւորականաց…

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՊՈՒԼԿԱՐ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 7 Յունուար 2018, Կիրակի, յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ մասնակցեցաւ Պուլկար Սվէթի Ստեֆան (Ս. Ստեփանոս) Եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման հանդիսութեան։ Եկեղեցին իր եզական երկաթեայ կառոյցին բերմամբ…