Լուրեր

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 15 Դեկտեմբեր 2016, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի։…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԱՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 14 Դեկտեմբեր 2017, Հինգշաբթի, Ս. Երուսաղէմի շուրջ ստեղծուած իրադարձութեանց կապակցութեամբ պատգամ մը հրապարակեց։ Ստորեւ կը հրատարակենք պատգամի թարգմանութիւնը. ԱՄՆի Նախագահ Տանըլտ Դրամբի կողմէ…

Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 12 Դեկտեմբեր 2017, Երեքշաբթի, 16.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Թորոս Ալճանի։ Այցելուները, յայտնեցին որ 17 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի…

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ ԿԻՒՄՐԻԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 10 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի, նախագահեց Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Կիրակնօրեայ արարողութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Եկեղեցւոյ Երէց՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ….

ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻ ՎՐԱՅ ՅՈՒՇԱՀԱՆԴԷՍ

Անցեալ տարի, 10 Դեկտեմբերին, Պէշիկթաշի Մարզադաշտին մօտ պատահած ահաբեկչական յարձակումին հետեւանքով շուրջ 50 հոգի իրենց կեանքերը կորսնցուցած էին։ Յարձակման վայրը անուանուած էր Նահատակաց Բլուր։ Այս ահաբեկչական յարձակման տարեդարձին, 10 Դեկտեմբեր…

ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դասու 315րդ, իսկ երգչախումբի 80րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ, Լէյլա Կէնճէր Օփէրայի եւ Արուեստական Կեդրոնի մէջ, 9 Դեկտեմբեր 2017, Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Երգչախումբի երկրորդ…

ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԿՐԿՆԱԿ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՄԵՐԳ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դասու 315րդ, իսկ երգչախումբի 80րդ կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ, 3 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի, Լէյլա Կէնճէր Օփէրայի եւ Արուեստական Կեդրոնի մէջ կազմակերպուեցաւ համերգ մը, հովանաւորութեամբ Պատրիարքական…

ԶԱՀՐԱՏ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ

Պոլսահայ գրականութեան նշանաւոր դէմքերէն Զահրատ (Զարեհ Եալտըզճեան), 3 Դեկտեմբեր 2017, Կիրակի, Շիշլիի Քէնթ Մշակութային Կեդրոնի մէջ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած հանդէսով ոգեկոչուեցաւ։ Հանդիսութեան…

ՄԿՐՏԻՉ ՍԷՐԹՇԻՄՇԷՔ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐՈՒԵՑԱՒ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐԱՀԱՆԴԷՍՈՎ

Եկեղեցական կեանքի հանրածանօթ դեմքերէն Մկրտիչ Մէրթշիմշէք, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի հովանաւորութեամբ եւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ, 1 Դեկտեմբեր 2017, Ուրբաթ, ժամը 20.30-ին, Արամեան Սանուց Միութեան Սրահին մէջ…

ՍՈՒՐԲ ԱՆԴՐԷԱՍԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ըստ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ աւանդութեան, Ս. Անդրէաս Առաքեալի յիշատակի օրը կ՚ընդունուի նաեւ իբրեւ Կ.Պոլսոյ Յունաց Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան տօն։ Այս առթիւ 30 Նոյեմբեր 2017, Հինգշաբթի երեկոյեան, Թաքսիմ Ճէյլան Հիւրանոցին մէջ…

ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵՒ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ 50 ԱՄԵԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Երանաշնորհ Հոգեւոր Պետ՝ Ն.Ս. Պօղոս Զ. Պապն ու Յունաց Երանաշնորհ Աթենակորաս Ծայրագոյն Պատրիարքը, աւելի քան 50 տարի առաջ իրենց պատմական հանդիպումովը միջեկեղեցական հսկայ քայլ մը նետած էին։ Պատմական…

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՆԻԿԻԱ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի օրհնութեամբ եւ Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ 28 Նոյեմբեր 2017, Երեքշաբթի ուխտագնացութիւն կատարուեցաւ դէպի երբեմնի «Իզնիք Այասօֆիասը» (Նիկիոյ Այասֆիա) Եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ Քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ….

ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, 27 Նոյեմբեր 2017, Երկուշաբթի, Ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ աւագ հիւպատոս՝ Նաթալի Մարթինը։ Մեծայարգ հիւրը, որ նոր ձեռնարկած է իր պաշտօնին, Տեղապահ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ «ԱՒԱԳ»ՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻՒ ՇՆՈՐՀԵՑ ԱՐԺ. Տ. ՄԻՆԱՍ ՔՀՆՅ. ՃԻՀԱՆԿԻՒԼԵԱՆԻ

Թոփգաբուի Եկեղեցւոյ եւ Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի մատաղօրհնութիւնը տեղի ունեցաւ, 26 Նոյեմբեր 2017, Կիրակի առաւօտ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց…

ՊԷՅՔՈԶԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 25 Նոյեմբերք 2017, Շաբաթ, ձեռամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Հոգշ….