Լուրեր

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ

  Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեան 5 Յունիս 2018, Երեքշաբթի երեկոյեան մասնակցութիւն բերաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ սարքուած իֆթարի սեղանին՝ ուղեկցութեամբ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի։…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Դիւանէն ստացուած հրաւէրին համաձայն Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան կը մեկնի Հայաստան` մասնակցելու համար Գերագոյն Հոգևոր Խորհուրդի նիստերուն, զորս տեղի պիտի ունենան 29…

ՀԱՄԱՅՆՔԷՍ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՏԻԿԻՆՆԵՐ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ

Մեր Համայնքային շրջանակներէն խումբ մը տիկիններ, կազմակերպութեամբ ու առաջնորդութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի 24 Մայիս 2018, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեցին Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց։ Խումբը…

ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամները 22 Մայիս 2018, Երեքշաբթի, 11.00-ին առաջնորդութեամբ նախագահ` Արժ. Տ. Զոհրապ Քհնյ. Ճիւանեանի այցելեցին Պատրիարքարան և ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ….

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան ուղեկցութեամբ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանի այս առաւօտ օդային ճամբով մեկնեցաւ Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնը հանդիպում մը պիտի ունենայ Կենսոլորտային ու քաղաքաշինութեան նախարար…

ՊՕՄՕՆԹԻԻ ՎԵՆԵՏԻԿԵԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Պօմօնթիի Վենետիկեան Մխիթարեան Վարժարանի ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ Մատակարար Մարմնի Ատենապետուհի Ռիթա Նուրնուրի, 3 Մայիս 2018, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։…

ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԿԱՊ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲԱԶՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ներքին Գործոց Նախարար Մեծայարգ Սիւլէյման Սօյլու, 30 Ապրիլ 2018, Երկուշաբթի երեկոյեան ժամերուն կապ հաստատեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի հետ։   Ան անդրադարձաւ այն անախորժ…

ԼՈՒՂՈՐԴՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Լուղորդ երիտասարդներ 30 Ապրիլ 2018, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին Արամ Գուրանի առաջնորդութեամբ այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Հիւրերը յայտնեցին, որ եկած էին…

ՄԱՏԱԿԱՍՔԱՐԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻ ԱՅՑԸ

Մատակասքարի Հանրապետութեան Պատուակալ Հիւպատոս՝ Նէսրին Քարաասլան Գարատաղ 30 Ապրիլ 2018, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։   Մեծայարգ հիւրը…

ԻՅԻ ՓԱՐԹԻԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Նորակազմ «ԻՅԻ» Կուսակցութեան ներկայացուցիչները, 26 Ապրիլ 2018, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։   Այցելութեան եկած էին Կուսակցութեան Ստանպուլի մասնաճիւղի…

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆԻ 24 ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԹԻՒ ՈՒՂԵՐՁ

  Բարձրաշնորհ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ   Իմ շատ թանկագին հայազգի քաղաքացիներ, Ձեզ կ՚ողջունեմ սիրով ու իմ ամենասրտանց զգացումներով։ Դուք այսօր համախմբուած էք Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան…

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, 23 Ապրիլ 2018, Երկուշաբթի, ժամը 11.00-ին, առաջնորդութեամբ Եկեղեցւոյ Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի եւ գլխաւորութեամբ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Աբիկ Հայրապետեանի այցելեցին Պատրիարքարան…

ԵԹՈՎՊԻՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ս. Յարութեան տօնին առիթով Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, 12 Ապրիլ 2018, Հինգշաբթի Եթովպիացի Համայնքի Զատկուան առթիւ շնորհաւորութիւնը ընդունեց Պատրիարքարանի մէջ։ Ծանօթ է արդէն, թէ Ստանպուլի մէջ…

ՕՀՐԻՏԷՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

  Օհրիտի Սէն Քլէմէնդ Աստուածաբանական Համալսարանի աշակերտները,  գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցիչ Փրօֆ. Մոմչիլօ Փաւլովիչի 12 Ապրիլ 2018, Հինգշաբթի ժամը 11.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս….

ՍՎԱՍԻ ՄԷՋ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ

ՍՎԱՍԻ ՄԷՋ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ   Ս. Յարութեան Տաղաւարին առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի արտօնութեամբ, Աթոռոյս Լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ….