Թաքսիմ Մարզական Միութիւն, Ֆէրիգիւղ

(Çobanoğlu Sok. No: 84, 34379 Feriköy)
Հեռ.՝  (0212) 219-0222.

Թաքսիմ Մարզական Միութիւնը, Ժիրայր Թիւլպէնտճեան, Զարեհ Սինանեան, Օննիկ Մանուկեան, Արտաշէս Սրկ. Նշանեան, Քէմալ Ռըֆաթ Պէյի եւ Նուրսէթ Պէյի ջանքերով հիմնուած է 1940ին։ Խումբի գոյներն են դեղին ու կարմիր։ Միութիւնը, զանազան Ֆութպոլի մրցումներու մէջ առաջնութիւն շահած է։

Միութեան հաւաքատեղին Գուրթուլուշի մէջ է։ Ֆութպոլի պատրաստական աշխատանքները կը տարուին Շիշլիի Քաղաքապետութեան յատկացուցած Սիւլէյման Սէպա Համալիրին  մէջ։ Ֆութպոլի մրցումները կը կատարուին Շիշլիի, Ֆէրիգիւղ Մարզադաշտին մէջ։ Ֆութպոլի Աւագ Մարզախումբը կը մրցի Սիւբէր Ամաթէօր Լիկի մէջ, իսկ երիտասարդաց խումբը Ա. Ամաթէօր Լիկի մէջ։ Նաեւ «U13» եւ «U17» Լիկի մէջ կը մրցի։ Մօտաւորապէս 750 աշակերտներու մասնակցութեամբ կը շարունակէ նաեւ զօրացման աշխատանքները։

Թաքսիմի Մարզական Միութիւնը այժմ կը գործէ նաեւ ճատրակի աշխատանքներուն մէջ։ Միութիւնը, կը մրցի Իստանպուլի Տարածքային ճատրակի Լիկին մէջ։