Շիշլի Մարմնակրթական Միութիւն, Թաքսիմ

(Billurcu Çıkmazı No: 17/1, 34433 Sıraselviler)
Հեռ.՝  (0212) 244-9153

Շիշլի Մարմնամարզական Միութիւնը 1926ին կը հիմնուի Նոր Շիշլի անունով։ Շատ մը յաջողութիւններ ձեռք ձգելով հանդերձ, օրուայ պայմաններուն պատճառաւ 1940ին գործելէ կը դադրի։ Նախկին վարիչներ՝ Գրիգոր Միսաքեան, Արա Ակինեան ( Աքընօղլու), Բարսեղ Կեվրէքեան եւ Արշակ Ֆէրուհխանի ջանքերով 1946ին կը շարունակէ իր գործունէութեան։ Միութիւնը, ծանրաբարձութեան, բռնցքամարտի, ըմբշամարտի, մարմակրթութեան, հեծելանիւի, մարմնամարզութեան, թէնիսի, մարզանքի, փինկփօնկի, լողալու եւ ճատրակին ժողովուրդէն ներս տարածումին օգտակար հանդիսացած է։ Միութեան յարկերէն ներս հասած են Թուրքիոյ եւ արտասահմանի մէջ մրցող եւ ախոյեան հանդիսացած շատ մը ազգային մարզիկներ։

Ապա, խմբային մրցումներու մէջ եւս գործունէութիւն տարած խումբը, 1950-ական թուականներուն Ֆութպօլի, Պասքէթպօլի արական եւ Վօլէյպօլի արական ու իգական մարզերու եւ ճատրակի մէջ զօրաւոր խումբեր կազմած ու զանազան յաջողութիւններ ձեռք ձգած է։

Մանաւանդ,  2000-ական թուականներէն սկսեալ վօլէյպօլի իգական խումբը Թրքական Ա. Եւ Բ. Լիկի մէջ, վօլեյպօլի արական խումբը Բ. Լիկի մէջ, պասքէթպօլի խումբը Բ. Եւ Գ. Լիկի մէջ, ճատրակի կրտսեր խումբը Թրքական զանազան լիկերու մէջ յաջողութեամբ մրցած են։

Շիշլին աւանդական ամառնային ու ձմրան օժանդակութեան ճաշկերոյթներով, վիճակախաղերով, դպրոցներու մէջ կազմակերպած բանախօսութիւններով,  պտոյտներով եւս ծանօթ է։ Վերջին տարիներուն թէ՛ Թուրքիոյ թէ՛ արտասահմանի տարածքին կազմակերպուած Ժիրայր Չաքըր Օհանեան Ճատրակի Մրցումները եւս լայն արձագանք գտած են հանրութեան մէջ։ Միութիւնը խումբերու մէջ մարզիկներ հասցնելու նպատակաւ Ֆութպօլի, Պասքէթպօլի եւ ճատրակի մէջ կը կազմակերպէ ձմրան եւ ամառնային աշխատութիւններ։