Պօղոսեան-Վառվառեան Սանուց Միութիւն, Գումգաբու

(Çakmaktaşı Sok. No: 33, 34126 Kumkapı)
Հեռ.՝ (0212) 522-6837

Գումգաբու Դուրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ յարակից Պօղոսեան-Վարվառեան վարժարանի սանուց միութիւնն է։ Գլխաւոր նպատակը եղած է շրջանաւարտ աշակերտները համախմբել եւ այս ուղղութեամբ անցեալին շարունակած է իր գործունէութիւնները։ Սակայն վերջին տարիներուն դադրեցուցած է իր գործօն կեանքը։