Ս. Խաչ Դպրեվանք Սանուց Միութիւն, Նառլըգաբու

(Kennedy Caddesi No: 150, 34107 Narlıkapı)
Հեռ.՝ (0212) 585-8867

1953ին հիմնուած Ս. Խաչ Դպրեվանքը, 1960-էն սկսեալ կը սկսի իր առաջին շրջանաւարտները տալ։ Այս առաջին շրջանաւարտները, կեանքի դժուարին պայմաններուն դիմանալու եւ յաջորդ սերունդներուն օգտակար ըլլալու նպատակաւ միութեան մը կարիքը կը զգան։ 1962ին Ս. Խաչ Դպրեվանք Սանուց Միութեան կանոնագրութիւնը կը վաւերացուի։ Յանուն հիմնադիրներու, կանոնագրութիւնը կը ստորագրեն առաջին շրջանաւարտներէն Գրիգոր Ատաօղլու (ապա Էլմաեան), Սապահ Այգվարդ Տէմիրճի եւ Վահրիճ Չափար։ Որպէս միութեան հաւաքավայր, Պէյօղլուի, Հասնուն Կալիփ Փողոց, շէնքի մը երրորդ եւ չորրորդ յարկաբաժինները կը գործածուին ։

Միութեան մէջ կազմուած յանձնախումբի մը աշխատութեամբ, 1967ին միութիւնը կը փոխադրուի Օսմանպէյի, Ռումէլի եւ Հալասքեարկազի Պողոտաներու անկիւնակապին գտնուող Զէքի Պէյ շէնքի երկրորդ յարկաբաժինը։ Սոյն հաւաքավայրը ժողովուրդի հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ եւ բոլոր խաւերէն ընդունելութիւն կը գտնէ մինչեւ 1980՝ միութեան աշխատութիւններու դադարումը։

Ժողովրդական խաղերու մասնաճիւղի գործօն ու տքնաջան աշխատանքներու որպէս արդիւնք, համայնքէն ներս լայն արձագանգ կը գտնէ ժողովրդական երաժշտութեան ու պարերէ բաղկացեալ յաջող ներկայացումները։

Միութիւնը, իր համբաւը կը պարտի ո՛չ միայն ժողովրդական խաղերու աշխատութեանց։ Շրջանի ծանօթ գրողներ եւ արուեստագէտներ կը բանախօսեն միութեան մէջ ու գիտութեան, մշակոյթի եւ արուեստի հետամուտ երիտասարդներ կը հետեւին սոյն գործունէութեանց։ Օժանդակութիւններ կը կատարուին կարիքաւոր աշակերտներուն, որոնց մեծամասնութիւնը կը յաճախեն համալսարան։

1980-ին, նման միւս միութեանց, Ս. Խաչ Դպրեվանքի Սանուց Միութիւնը եւս կը փակէ իր դռները։ Միւս միութիւնները կարճ ժամանակ յետոյ պաշտօնա դիմելով դարձեալ կը շարունակեն իրենց գործունէութիւններուն։ Սակայն օրուան ծանր նիւթական պայմաններու պատճառով, Ս. Խաչ Դպրավանքի Սանուց Միութիւնը չի կրնար վերաբանալ իր դռները։  Մօտաւորապէս 7 տարիներու լռութեան շրջանէ մը ետք Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ կից տեղ մը կը գտնուի։  Բարերարներու օժանդակութեամբ կարճ ժամանակի մէջ կը կատարուի միութեան հաւաքավայրի նորոգութեան աշխատանքները, ուր կը վերակազմուի Ս. Խաչ Դպրեվանք Սանուց Միութիւնը։ Կանոնգրութիւնը 21 Յունուար 1988ին կը վաւերացուի Կուսակալութեան կողմէ։ Վերակազմութեան հիմնադիր անդամները կ՚ըլլան՝ Սարգիս Շահպազ, Ստեփան Իպօ, Արթին Էօզքէշիշ, Պարոյր Քէպապճը, Արշակ Քօճապայ, Օրհան Կիւլտէմիր, Յովհաննէս Սէյրանողլու եւ Աւետիս Տէմիր։

Վերակազմութեան աշխատանքներու աւարտին, 1988ին շքեղ հանդիսութեամբ մը կը բերաբացուի եւ կը սկսի շարունակել իր գործունէութիւններուն։ Մանաւանդ առաջին տարիներուն, պաշտօն ստանձնող վարչայիններու ջանքերով մշակութային, արուեստական աշխատութիւներ կազմակերպուեցան եւ որպէս Ս. Խաչ Դպրեվանք Սանուց Միութիւն համայնքի մէջ գնահատանքի արժանացաւ։

Միութեան եւ Հոգաբարձութեան վարիչներու համագործակցութիւնը Ս. Խաչ Դպրեվանք Սանուց Միութեան կարեւորագոյն իւրայատկութիւնն է։