Գարակէօզեան Սանուց Միութեան Կազդուրման Կայան, Գնալը Կղզի

(Serap Sok. No: 2, 34977 Kınalıada)
Հեռ.՝  (0216) 381-4371

1952ին Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի կողմէ՝ համայնքէն ներս նուազ բախտաւոր աշակերտներուն օգտակար հանդիսանալու նպատակաւ Պոյաճըգիւղի մէջ կը բացուի տղոց յատուկ քամբ մը, որ յետոյ կը փակուի 1960-ին:
Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, որ իր եպիսկոպոսութեան շրջանին Պոյաճըգիւղի քամբի աշխատանքներուն գաղափարակից դարձած էր, պատրիարքական գահ բարձրանալէ անմիջապէս ետք (1962), գործի կը լծուի երկու տարիէ ի վեր փակ մնացող Պոյաճըգիւղի քամբը վերաբանալու համար: Հարցը չորս տարիներ քաշքշուելէ ետք, 1966ին Շնորհք Պատրիարքի, Կիւլպէնկեան Հիմնարկի, Կղցեաց Թաղային Խորհուրդի, Գէորգ Գարամանուկեանի եւ Ֆերտինանտ Մանուկեանի նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ Գնալըի Կազդուրման Կայանը կը յանձնուի Գարակէօզեան Սանուց Միութեան հոգածութեան եւ կը սկսի իր յարկէն ներս պաշտօնապէս ընդունիլ կարօտեալ աշակերտներ: Անցեալ 43 տարիներու ընթացքին Գնալըի Կազդուրման Կայանը ընդունեց իւրաքանչիւր ամառուան շրջանին 150-200-ի շուրջ երկսեռ աշակերտներ:
Եւ այսօր ալ վարչութեան աշխատութեան շնորհիւ հաստատութեան սիրայօժար տնօրէն, ուսուցիչներ եւ հսկիչները տղոց ֆիզիքական, բարոյական, գիտական զարգացման վրայ բծախնդրօրէն կը ծանրանան զանոնք ինքնաբաւ դարձնելու առաջադրանքով: