Վետետիկեան Մխիթարեան Սանուց Միութիւն, Պոմոնթի

(Arpa Suyu. No: 20, 34380 Bomonti)
Հեռ.՝  (0212) 247-8559, (0212) 291-9635

Գատըգիւղի մէջ, 19րդ դարու սկիզբը, Վենետիկեան Մխիթարեան Միաբանութեան ենթակայ հիմնուած Մխիթարեան Վարժարանը նախապէս մանուց միութիւն մը չէ ունեցած։

Վարժարանի շրջանաւարտներէն խումբ մը, երիտասարդ շրջանաւարտներու եւս մասնակցութեամբ 2009ի աւարտին ծրագրած են իրենց գործունէութիւնները հաստատութեան մը ներքեւ կատարել։ Վարժարանի համար օժանդակութիւնները օրինաւորապէս եւ արդիւնաբեր կատարելու, շրջանաւարտները համախմբելու, վարժարանի աշակերտներուն ընկերային, մշակութային եւ մարզային կեանքին օժանդակելու նպատակաւ 31 Հոկտեմբեր 2012ին կը հիմնուի՝ անուանուելով «Պոմոնթի Մխիթարեան Սանուց Միութիւն»։

Միութեան նպատակներէն է, իր երդիքին տակ ընկերային, մշակութային, մարզային եւ գեղարուեստային գործունէութիւններ մշակող երիտասարդաց  յանձնախումբ մը կազմել, ապագայ ծրագիրներով երիտասարդներու մշտական ներկայութիւն ապահովել։ Իսկ, զանազան գործունէութիւններով վարժարանի անունը բարձր պահելը միութեան գլխաւոր նպատակն է։

.