Լուրեր

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Իսրայէլի աւագ հիւպատոս՝ Մօշէ Քամհի, 29 Օգոստոս 2014, Ուրբաթ, ժամը 10.30-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Մեծայարգ աւագ հիւպատոսը, աւարտելով…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԵՐԴՄԱՆ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԻ ՍՏԱՆՁՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 28 Օգոստոս 2014, Հինգշաբթի, ժամը 14.00-ին օդային ճամբով մեկնեցաւ Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնը, մասնակցեցաւ Թուրքիոյ…

ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ԴԱՍՈՒՆ, ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՈՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏԱՌՄԱՆ

Այսու կու գանք տեղեկացնել, թէ արտաքոյ քաղաքի եւ արտերկրեայ ճանապարհորդութեանց բերումով մեր բացակայութեան պարագաներուն, մինչեւ մեր վերադարձի թուականը, Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը լիազօրած ենք Պատրիարքարանի ընթացիկ գործերը վարելու պաշտօնով։…

ՎԱԳԸՖԳԻՒՂԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ

Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Ծխական Խուրհուրդի ատենապետ Ճէմ Չափար, մատաղի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Միհրան Ուլիկեան եւ Նազար Պինաթլը, 19 Օգոստոս 2014, Երեքշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր…

Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի, 16 Յուլիս 2014, Չորեքշաբթի, ժամը 10.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր….

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, 12 Օգոստոս 2014, Երեքշաբթի, յետ միջօրէի, շնորհաւորական պատգամ ուղարկեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան նորընտիր Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի։ Սրբազան Հայրը, իր խնդակցութիւնը…

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

10 Օգոստոս 2014, Կիրակի, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած էր Հանրապետութեան Նախագահութեան ընտրութիւնները։ Հանրապետութեան 12. Նախագահ ընտրուեցաւ այժմու վարչապետ՝ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան։ Այս առթիւ 11 Օգոստոս 2014, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ…

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի, 7 Օգոստոս 2014, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր….

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԱՏԸԵԱՄԱՆԷՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 4 Օգոստոս 2014, Երկուշաբթի առաւօտ Ատըեաման մեկնած էր, իր հետ ունենալով Սատըք Պաքըրճրօղլուն։ Նորին Սրբազնութիւնը 5 Օգոստոս Երեքշաբթի վերադարձաւ Ստանպուլ։ Սրբազան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԱՏԸԵԱՄԱՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան 4 Օգոստոս 2014, Երկուշաբթի առաւօտ ժամը 10.00-ի թռիչքով Ատըեաման մեկնեցաւ իր հետ ունենալով Քահթացի Սատըք Պաքըրճրօղլուն։ Սոյն այցելութիւնը ունի հովուական այցելութեան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՄԵԿՆԻ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, 24 Յուլիս 2014, ժամը 17.00-ին օդանային ճամբով կը մեկնի Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնը պիտի մասնակցի…

ԵՐԵՔ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան, ընկերակցութեամբ խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեանի, 17 Յունիս 2014, Հինգշաբթի, ժամը 11.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ….

Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Սուրբ Թարգմանիչ Վարդապետներ՝ Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի ու Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի տօնին, 10 Յուլիս 2014, Հինգշաբթի առաւօտ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն, հանդիսապետութեամբ՝ Գերշ. Տ….

Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՍԱՐԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Անցեալ շաբաթավերջին, հոգեւոր հանդիսութիւններ կատարուեցան մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի պատուական նշխարաց գիւտի տօնին եւ Կեսարիոյ համանուն եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս….