Լուրեր

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆՑ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 3 Յուլիս Կիրակի առաւօտ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան Տօնիտաղաւարի հանդիսութեանց նախագահեց Սկիւտարի Ս.Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Պսակ Աւ. Քհնյ. Թէզէնլեան։ Դասուն մէջ…

ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑԵԿԵՂԵՑԻՆ

Յոյն Օրթոտոքսներու Ծայրագոյն Պատրիարքը՝ Նորին ՍրբութիւնԲարթոլոմէոս Ա., 2 Յուլիս 2005, Շաբաթ միջօրէին այցելեց ԿեսարիոյՍ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայոց Եկեղեցին։ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ՝ Արժ. Տ. ՄիւռոնԱւ. Քհնյ. Այվազեան եւ…

ԿԱՐՕ ՔԻՒՐՔՄԱՆԻ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿՈՒՏԻՆԱՅԻ ՅԱԽՃԱՊԱԿԻՆԵՐՈՒՆ

Կարօ Քիւրքման, որ հանրածանօթ է իր հրատարակած գեղարուեստինուիրուած պատմաբանասիրական հատորներով, ԱզգայինՊատրիարքարան այցելեց եւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօրնուիրեց իր վերջին գիրքը. «Toprak, Ateş, Sır»։ Գեղարուեստականբարձր որակով տպուած նոր հատորը հրատարակութիւնն…

ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՏՔԹ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐԱՐՔՑԵԱՆԻ

Պոլսահայ համայնքը Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի առաջին Նախագահ Փրոֆ. Տքթ. Բաբգէն Արարքցեանի ի պատիւ համայնքային ընդունելութիւն մը սարքեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Մատրան բակին մէջ, 1 Յուլիս Ուրբաթ ժամը…

ԱՄԵՆ.Ս.ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՓՐՈՖ. ՏՔԹ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐԱՐՔՑԵԱՆԸ

Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի առաջին նախագահ՝ Փրոֆ. Տքթ. Բաբգէն Արարքցեան 1 Յուլիս 2005 Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 05.00-ին Պոլիս ժամանեց Երեւան-Պոլիս չուերթով։ Տքթ. Արարքցեանին կ՚ուղեկցեն իր կողակիցը՝ Կարինէ Արարքցեան, իր…

ՍԻՐՎԱՐԴ ՔԱՅԱՐ-ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿՈՉՈՒԵՑԱՒ

Պատրիարքական Աթոռի Դիւանատան վաստակաշատքարտուղարուհիներէն Սիրվարդ Քայար-Մալխասեան լման քսանտարուան ծառայութենէ յետոյ այս շաբաթ հանգստեան կոչուեցաւ։Տիկին Մալխասեանի հանգստեան կոչուելուն առիթով,գլխաւորութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր՝ ԱզգայինՊատրիարքարանի անձնակազմը 30 Յունիս 2005, Հինգշաբթի, ժամը18.00-ին…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՕՐՀՆԵՑ ԷՍԱԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 29 Յունիս 2005 Չորեքշաբթի ուշերեկոյեան մասնակցեցաւ Էսաեան Վարժարանի 2005-իշրջանաւարտութեան հանդէսին, որ սարքուեցաւ Վարժարանիպարտէզին մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին այս տարուան շրջանաւարտները, իրենցծնողներն ու ընտանեկան պարագաները, Էսաեան…

ԱՄԵՆ.Ս.ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 27 Յունիս 2005 Երկուշաբթի ժամը 18.00-ին նախագահեց իր խորհրդականներուն եւ Իրաւաբանական Խորհուրդի անդամներուն խառն նիստին։ Խորհրդակցութեան օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր Յովհաննէս Կիւմիւշեան կտակի իրաւական կարգավիճակը։…

ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՆ ՈՒ Ս. ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ ՔԱՆՏԻԼԼԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Երկոտասան Առաքեալներու եւ Ս. Պօղոս Առաքեալի տօնին առիթով Ս.Պատարագ մատուցուեցաւ Քանտիլլիի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ 25 Յունիս Շաբաթ առաւօտ, արարողութեանց հանդիսապետեց Գերշ.Տ. Շահան Արքեպս. Սվաճեան, Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ.Գրիգոր Աւ….

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏԻՆ

Պատրիարքական Ս. Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը գումարուեցաւ 24 Յունիս 2005, Ուրբաթ առաւօտ, ժամը 10.00-ին, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր եւ ատենապետութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Եպսկ. Աթէշեանի։ Ժողովական հայրերը վաւերացուցին…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅԵԿԵՂԵՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 24 Յունիս 2005 Ուրբաթերեկոյեան այցելեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին, ուրդիմաւորուեցաւ տեղւոյն երէց Արժ. Տ. Պարգեւ Քհնյ. Նալպանտեանի,Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ու Կեդրոնական Վարժարանի…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՄՕՏ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 22 Յունիս 2005, Չորեքշաբթի,ժամը 18.30-ին խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ իրխորհրդականներուն հետ։ Նիստի ատենապետութեան հերթական պաշտօնը վարեց Էրօլ Սէհէրեըլտըզը։ Օրակարգի առնուած էին հետեւեալ նիւթերը. վաքըֆներու նոր օրէնքինախագիծը,…

ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ 19 Յունիս 2005Կիրակի առաւօտեան արարողութիւնները սկսան ժամը 09.00ին, իսկ Ս.Պատարագը՝ 10.30ին։ Արարողութեանց նախագահեց Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Հ. Եղիշէ Աբղ.Ուչքունեան։…

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԿԵՍԱՐԻԱ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 18 Յունիս 205 Շաբաթառաւօտ, ժամը 06.15-ի թռիչքով եւ ուղեկցութեամբգաւազանակիր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի, նաեւԳերյ. Հ. Ճոն Վրդ. Ուիլիի, ճամբորդեց դէպի Կեսարիա։ Նորին Ամենապատուութիւնը Կեսարիոյ…