Լուրեր

ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՆԱՒ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս, Երեքշաբթի, ժամը 19.30-ին, առաջնորդուեցաւ Քէօլն քաղաքի մէջէն անցնող Ռայն գետի ափին գտնուող «Ֆրէնտ-Շիփ» (Friend-Ship) նաւը, որ Միւնսթըրի Կաթոլիկ Ուսանողներու Միութեան կողմէ ժամանակաւոր կերպով…

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ԲԱՑՄԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

  Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս, Երեքշաբթի, ժամը 16.30-ին Սալվաթորեան Վանքէն մեկնեցաւ եւ առաջնորդուեցաւ դէպիՊոնն, ուր ժամը 17.30-էն սկսեալ ներկայ գտնուեցաւ բացօթեայ Ս. Պատարագին զոր մատոյց Գերման Կաթոլիկ Եպիսկոպոսաց…

ԵՂԲԱՅՐ ՌՈԺԷ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՒ

http://www.taize.fr/ http://www.taize.ch/temp/en_article2450.html Ֆրանսայի Պիւրկիւնտի մարզին մէջ գտնուող Թէզէի Էքիւմէնիք Միաբանութեան Հիմնադիր՝ Հոգեշնորհ Եղբայր Ռոժէ Շուլց (http://www.taize.ch/temp/en_article2468.html), ծնունդով զուիցերացի, 16 Օգոստոս 2005 Երեքշաբթի՝ Հաշտութեան Եկեղեցւոյ մէջ սպաննուեցաւ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին։ Լումինիթա…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՔԷՕԼՆ ԺԱՄԱՆԵՑ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս, Երեքշաբթի, տեղական ժամով 15.00-ին Քէօլն ժամանեց, ուղեկցութեամբ գաւազանակիր՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհն. Ուզունեանի, եւ տեղւոյն Քոնրատ Ատընաուէր օդանաւակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ՝…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս Ս. Աստուածածնի Վերափոխումը աւանդական մթնոլորտի մէջ տօնուեցաւ Գնալը Կղզիի բարձունքին վրայ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առթիւ, նախորդ երեկոյեան կատարուեցաւ կ Կիրակամուտքի եւ Հսկումի…

Ս. ԿՈՅՍ ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ԵՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ԱՆՈՒԱՆ ԶՈՅԳ ՏՕՆԵՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՄԱՏՈՅՑ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ 15 Օգոստոսի մերձաւորագոյն Կիրակին՝ 14 Օգոստոս 2005։ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարը առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ կը լեցուի գումգաբուցի հաւատացեալներով եւ…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԳՆԱԼԸԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 13 Օգոստոս 2005, Շաբաթ երեկոյեան, այցելութիւն տուաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը Կղզիի Կազդուրման Կայանին։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ Կազդուրման Կայանի Տնօրէնուհի Թալին Նայիրի եւ Հոգաբարձութեան Ատենապետ՝ Սեւան…

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Ընդառաջելով Մեծ Կղզի բնակող հաւատացեալներու փափաքին, 13Օգոստոս 2005, Շաբաթ առաւօտ, հայածէս Ս. Պատարագմատուցուեցաւ Մեծ Կղզիի Ս. Փաչիֆիքօ Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյմէջ։ Կղզեցի հայեր եւ միւս կղզիներէն ժամանած ուխտաւորներեկեղեցին լրիւ լեցուցած էին։…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 11 Օգոստոս 2005, Հինգշաբթի երեկոյեան ընդունեց Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան անդամներուն պաշտօնական այցելութիւնը, որ կը տրուէր ընտրութեան արդիւնքներուն Ստանպուլի Կուսակալութեան կողմէ վաւերացուած ըլլալուն առիթով։…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ 20-ՐԴ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ ՕՐՈՒԱՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 16 Օգոստոս 2005,Երեքշաբթի, կը մեկնի Քէօլն, Գերմանիա եւ Իր Աթոռը կըվերադառնայ 22 Օգոստոսի երեկոյեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը Գերմանիա հրաւիրուած է ՄայնցիԵպիսկոպոս եւ Գերման Կաթոլիկ Եպիսկոպոսաց Ժողովի…

ՀԱՅՈՑ ԵՒ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Բարթոլոմէոս Ա եւ Հայոց Ամենապատիւ Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարքը 9 Օգոստոս 2005 Երեքշաբթի ժամը 15.00-ին հանդիպում ունեցան այս անգամ Հայոց Պատրիարքարանին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին, վերջնականօրէն…

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՀՈԳՇ. Հ. ԶԱՒԷՆ ԱԲԵՂԱՅ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ

Մայր Աթոր Ս. Էջմիածնի երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Հ. Զաւէն Աբեղայ Յակոբեան 8 Օգոստոս 2005 Երկուշաբթի օր զոհ գնաց երթեւեկի արկածի։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի աղբիւրները խոր կսկիծով տեղեկացուցին որ երէկ,…

ԱՄԵՆ.Ս.ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՏԱԼԱՑԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 8 Օգոստոս 2005 Երկուշաբթի երեկոյեան ընդունեց Հռոմի Ս. Էջիտիօ Կաթոլիկ Միաբանութեան անդամ խումբ մը երիտասարդներ, որոնք իրենց ամրան արձակուրդն անցընելու նպատակով Պոլիս եկած էին։ Իտալացի…